2011-08-12 13:03:02

Պրազիլի Եկեղեցւոյ Փախստականներու Օգնութիւնը` Յոյժ Կարեւոր Սպասարկութիւն Մը Հայիթիի Գաղթականներու Ի Սպաս։


Պրազիլի մէջ բնակութիւն հաստատած են աւելի քան 3000 փախստականներ, որոնք յունուար 2010ի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք փախած են երկրէն, թշուառ վիճակէն ազատելու համար։
Ասոնց մեծամասնութիւնը ապաստան գտած է Ամազոնի շրջանը եւ կ'ապրի դժուար պայմաններու մէջ։ Հայիթիի փախստականները մեծ յոյս դրած են Պրազիլի փախստականներու եւ գաղթականներու կաթողիկէ հովուութեան վրայ։
Յայտնենք որ Պրազիլի փախստականներու եւ գաղթականներու կաթողիկէ հովուութիւնը ստեղծուած է 1985ին Սաու Բաուլօ մարզին մէջ, հարաւային Պրազիլ, գաղթականութեան հովուութիւնը ընկերային հովուութիւն մըն է առընչուած եղբայրօգնութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան եպիսկոպոսական յանձնախումբին։ Անոր առաքելութիւնն է, աշխատիլ ընկերային հաւասարութեան ի խնդիր ու երաշխաւորել մարդկային իրաւունքները, քաղաքացիութեան գործադրումը, տարբերութեան յարգանքը ու երաշխաւորել զօրավիգ հիւրընկալութիւնը բազմաշակութային ու բազմակրօն գաղթականներուն։
Վերոյիշեալ հովուութիւնը գլխաւորաբար կը գործէ երեք ճակատի վրայ. ժամանակաւոր գաղթականները, որ յաճախ գիւղատնտեսական շրջանակին մէջ կը գործեն, դէպի քաղաքը գաղթողները եւ ապաստան գտած փախստականները։








All the contents on this site are copyrighted ©.